Վրաստանի նախագահը Հայ առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալները շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդի առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը:
«Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին այսօր, 6 Յունուարին, հին տաղաւարով կը նշէ Սուրբ Ծննդեան եւ ջրօրհնէքի տօները: Կը շնորհաւորեմ այս մեծ տօներուն առիթով: Հայ եւ վրացի ժողովուրդի դարաւոր բարեկամութիւնը հիմնուած է քրիստոնէական հաւատքի արժէքներուն վրայ: Կը մաղթենք ձեզի բարգաւաճում եւ ուրախութիւն», գրած է Վրաստանի նախագահը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին: