Երկուշաբթի, 6 Յունուարին, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, Գանատայի պաշտօնական ընդդիմութեան եւ պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր այցելեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը եւ ներկայ գտնուեցաւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին:
Պատարագէն ետք, Շիր շնորհաւորեց տեղւոյն հայ համայնքը եւ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու հնարաւորութիւնները, Հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները եւ հայ համայնքի ակնկալիքները, տեղական շարք մը հարցեր եւ Հայ Դատի քաղաքական առաջնահերթութիւնները:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախեան հիմնահարցին վերաբերեալ պահպանողական կուսակցութեան տարած դրական աշխատանքին, Գանատա-Հայաստան փոխյարաբերութիւններուն ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեանց յիշատակման, կանխարգիլման եւ ուսուցման կարեւոր օրակարգերուն:
Իր կարգին, Շիր իր կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի օրակարգին, շեշտելով որ իրենք եղած են եւ միշտ պիտի մնան հայ ժողովուրդի ջերմ բարեկամները եւ հայութեան դատի պաշտպանները:
Նշենք, որ 12 Դեկտեմբերին, Շիր իր հրաժարականը ներկայացուց՝ իբրեւ պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար, սակայն ան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, մինչեւ նոր ղեկավարի մը ընտրութիւնը, որ նախատեսուած է 27 Յունիս 2020ին: