Ուրբաթ, 13 դեկտեմբերին Ս.. պատարագով նշուեցաւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ համալիրին բացման եւ օծման 5րդ տարեդարձը: Պատարագեց եւ օրուան պատգամը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան:
Օրուան պատգամը քաղելով պատարագի սկիզբը երգուած շարականի հետեւեալ բառերէն՝ «Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա», սրբազանը մատնանշեց եկեղեցւոյ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը՝ յայտնելով, որ եկեղեցին անշարժ կը մնայ իր աստուածատուր առաքելութեան շարունակականութեամբ եւ հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ: Այս գիտակցութեամբ անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին այսպէս գործեցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ համալիրը՝ գաղութի կեանքին մէջ, դառնալով ժողովուրդին տունը բառին ամբողջական իմաստով: Երկար տարիներու սեփական եկեղեցի ունենալու երազը պսակուեցաւ հինգ տարիներու ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւններով եւ վերելքներով: Եկեղեցին առանց թերանալու իր սրբազան առաքելութեան մէջ՝ դարձաւ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի հաւատքի պահպանման եւ բարգաւաճման աղբիւր:
Քարոզին աւարտին սրբազանը առաջին հերթին իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն հայրական օրհնութեամբ՝ հինգ տարիներ առաջ օծումը կատարուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ: Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի դեսպանին եւ գլխաւոր հիւպատոսին՝ իրենց մասնակցութեան եւ գործակցութեան համար, եւ անոնց, որոնք ներկայ էին տօնակատարութեան: Ապա յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց անցնող տարիներու ընթացքին Ազգային իշխանութեան ճամբով ծառայած բոլոր անդամներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան եկեղեցւոյ եւ համալիրի աշխատանքներուն:
Աւարտին, սրբազան հայրը իր եղբայրական ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Ապու Տապիի գաղութի հոգեւոր հովիւ Վաչէ վրդ. Պալըքճեանին, որ անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին անթիլիասական միաբանութեան ոգիով ծառայեց գաղութին եւ առ ի գնահատանք իր աշխատանքներուն, վեհափառ հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ եւ արտօնութեամբ, սրբազանը հայրը հայր սուրբին փոխանցեց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, լանջախաչ կրելու իրաւունքը եւ յանուն Ազգային իշխանութեան եւ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան հայր սուրբին յանձնեց լանջախաչը:
Ապա Արա Խանոյեան Ազգային միօրեայ վարժարանի մուտքին եկեղեցւոյ հինգերորդ տարեդարձի անուանակոչութեան առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի օրհնութիւնը: