ՄԵՂՐԻԿ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ ՉԱՓԱՆԵԱՆ
Ընդառաջելով Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրին, 5 Յունուար 2020ին, Գանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչ եւ Գանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիոյ առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս մասնակցեցան Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան պատարագին եւ Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթին: Անոնք խօսք առին եւ շնորհաւորեցին հայ համայնքը Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով՝ շեշտելով, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Գանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի հայ համայնքին:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Թիթառ Քէօշքէրեան, Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան եւ դոկտ. Րաֆֆի Չափանեան յատուկ հանդիպում մը ունեցան Թերի Պիչի եւ Ատրիան Տիքսի հետ եւ լայնօրէն քննարկեցին Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ հակամարտութեան պատմութեան եւ Արցախեան հիմնահարցի իրաւական խորքին: Խորհրդարանի անդամ Թերի Պիչ պատրաստակամութիւն յայտնեց արծարծուած հարցերը փոխանցելու Գանատայի արտաքին գործոց նախարարին:
Յանձնախումբը զեկուցեց նաեւ սուրիահայ գաղթականներ հովանաւորելու Պրիթիշ Քոլոմպիոյ հայ համայնքի տարած յաջող չորսամեայ գործունէութեան մասին: