19 Յունուար թուականը սեւ եւ ողբերգական էջ մըն է հայութեան ու յատկապէս պոլսահայութեան համար։ Տասներեք տարի առաջ, այդ օրը, կ.ե. ժամը 2։10ին, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագիր եւ հրապարակագիր Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ խմբագրատան շէնքին առջեւ եւ իր նահատակութեամբ դարձաւ անարդարութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, 19 Յունուարին ոգեկոչման զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան Հրանդ Տինքի յիշատակին։ Գլխաւոր միջոցառումը իրականացաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան առջեւ։ Մինչ այդ, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին յիշատակուեցաւ Հրանդ Տինքը, ապա յատուկ պաշտօն տեղի ունեցաւ Պալըքլըի գերեզմատան մէջ, Տինքի դամբարանին մօտ։ Հրանդ Տինքի ընտանիքի անդամները եւ մերձաւորներ, անոր շիրմին մօտ հաւաքուելով՝ անգամ մը եւս ապրեցան այն մեծ ցաւը, որ իրենց պատճառած էր Հրանդ Տինքի ողբերգական մահը։ Հոն էին Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, որդին՝ Առատ Տինք, եղբայրը Օրհան Տինք ու այլ մերձաւորներ։ Տինքի դամբարանը զարդարուեցաւ ծաղկեպսակներով եւ ծաղիկներով ու աղօթքներ հնչեցին անոր հոգւոյն։
Կ.ե. ժամը 2։10ին, յիշատակութեան գլխաւոր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հարպիյէի մէջ գտնուող «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ։ Ոգեկոչման այդ հաւաքոյթէն երկու-երեք ժամ առաջ արդէն իսկ փակ էին դէպի Հարպիյէ տանող գլխաւոր պողոտաները։ Կուսակալութեան հրահանգով ելքի եւ մուտքի համար քանի մը ժամուան համար փակ մնաց մէթրոյի «Օսմանպէյ» կայարանը, բայց այս որոշումը բողոքի ալիք ստեղծեց ընկերային ցանցերուն մէջ եւ շատեր նախատական գրառումներ կատարեցին իրենց էջերուն վրայ։
Հրանդ Տինքի բարեկամները եւ հարիւրաւոր անձեր պաստառներ ու «Պիտի չմոռնանք քեզ», «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ են», «Արդարութիւն կ՛ուզենք», «Պիտի չհրաժարինք պայքարէն» վերտառութիւններով վահանակներ պարզեցին, յիշեցին 2007ի այդ սեւ օրը եւ պատգամներ հնչեցուցին։ Հրանդ Տինքի մեծադիր նկարը կախուեցաւ շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան շէնքի ճակատին։ Ելոյթներէն առաջ կը սփռուէին «Սարի Կելին»ն եւ սրտախօսիկ այլ երգեր։
Ձեռնարկին մասնակցեցան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն, ինչպէս նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն Կարօ Փայլան եւ քաղաքական գործիչներ ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Յիշատակի հաւաքի մասնակցողները միասնաբար լօզունգներ հնչեցուցին՝ ըսելով, որ պիտի շարունակեն պայքարիլ անարդարութեան եւ Տինքի սպանութեան ներքին ծալքերը երեւան հանելու ուղղութեամբ։ «13 տարի անցաւ, ուշ չէ ամչնալու համար», «Անոնք, որոնք կը պաշտպանեն ոճրագործները, մեղսակից են այս սպանութեան», «Մինչեւ որ մենք վերջ չըսենք, այս դատը պիտի չվերջանայ», «Անոնք, որոնք սպաննէ՛ կ՛ըսեն, պէտք է պատասխան տան դատարանին առջեւ»։
Ելոյթ ունեցողներէն առաջինը Հրանդ Տինքի բարեկամներէն Պիւլենտ Այտընն էր, որ այս առթիւ յիշատակեց նաեւ Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ սպաննուած յայտնի փաստաբան Թահիր Էլչինը, ապա ողջոյն ուղարկեց քրտամէտ կուսակցութեան բանտարկուած նախկին համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշին եւ յայտնի գործիչ Օսման Քաւալային։
Այս տարուան երկու գլխաւոր ելոյթ ունեցողներն էին՝ փրոֆ. Շեպնեմ Քորուր եւ Սերթաչ Էքինճի։ Անոնցմէ առաջինը ըսաւ, որ Տինքի նահատակութենէն 13 տարի անցած է, բայց իսկական մեղաւորները տակաւին պատասխան չեն տուած դատարանին առջեւ, իսկ Էքինճի դիտել տուաւ, որ Հրանդ Տինք կը խորհրդանշէ եղբայրութիւնը, բան մը որուն այժմ շատ պէտք ունի այս երկիրը։
Տինքի յիշատակին յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ նաեւ իր ծննդավայր Մալաթիոյ մէջ, այժմ փլատակի վերածուած այն տան առջեւ, ուր ծնած էր սպաննուած խմբագիրը։
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու Տինքի սպանութեան տարելիցին օրը ցաւակցական գրառում մը ըրաւ՝ նշելով. «Հրանդ Տինք անձ մըն էր, որուն սիրտին եւ խօսքերու մէջ խաղաղութիւն կար։ Ան լրագրող մըն էր, որ կը սիրէր ուսումնասիրութիւններ ընել։ Մեզմէ հեռացաւ մեր պատմութեան ու երկրին համար ցաւալի ձեւով մը։ Այդ ցաւը կը զգանք ամէն անգամ, երբ կը լսենք անոր անունը։ Յարգանքով կը յիշեմ զինք։ Աստուած լուսաւորէ իր հոգին»։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»