ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան, յունա-հռովմէական ոճի ըմբիշ Արթիւր Ալեքսանեան յատկանշական յաղթանակ մը եւս կերտեց, այս անգամ Նիսի միջազգային մրցաշարքին մէջ։
Ան առաջին երեք մր-ցումները յաղթելէ ետք հասաւ աւարտականին, ուր իր մրցակիցն էր ատրպէյճանցի մարզիկ մը։ Արթիւր Ալեքսանեան յաղթեց անոր եւ տիրացաւ ոսկեայ մետալին։
Նաեւ, 77 քիլոկրամ դասաւորման մէջ Կարապետ Չալեան եւ 55 քիլոկրամ դասաւորման մէջ Ռուդիկ Մկրտչեան արժանացան արծաթ մետալներու, իսկ Գէորգ Ղարիպեան (60 քլկ.), Սլաւիկ Գալստեան (67 քլկ.), Մալխաս Ամոյեան (72 քլկ.) եւ Ռուբէն Ղարիպեան (82 քլկ.) շահեցան պրոնզ մետալներ։
Նշենք, թէ Հայաստան 10 մարզիկներով կը մասնակցէր մրցաշարքին։