ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հինգշաբթի, 30 Յունուարին, Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Իտլիպի հարաւային արուարձանին մէջ գտնուող Ճոպաս, Մարտիխ եւ Մաարտապսէ գիւղերը, ուր բանակը բուռն մարտեր մղեց «Ճապհաթ Նուսրա»ի եւ անոր ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, ոչնչացնելով անոնց թաքստոցները: Ահաբեկիչներէն մաս մը սպանուեցաւ, իսկ մնացեալը փախուստ տուաւ դէպի Սարաքեպ:
Չորեքշաբթի օր հաղորդուած էր, որ սուրիական բանակը «Ճապհաթ Նուսրա»ի ահաբեկիչներուն դէմ բուռն մարտեր մղեց ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հալէպի արեւմտեան գիւղերուն մէջ, ազատագրելով Խան Թուման աւանը եւ անոր յարակից վեց գիւղեր: