ԵՐԵՒԱՆ.- «Սփութնիք Արմէնիա» լրատու կայքը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սովորաբար կը քնանայ կէս գիշերէն ետք ժամը 1ին եւ կ՛արթննայ առաւօտեան ժամը 5ին, մինչ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել աշխատանքային օրերը գրեթէ անքուն կ՛անցընէ, բայց շաբաթավերջին երկար ժամեր կը յատկացնէ քնանալու։ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ընդհանրապէս օրական 5-6 ժամ կը քնանայ, իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն անոնցմէ է, որ շատ քիչ կը քնանան, օրական հազիւ 3 ժամ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնպէս քիչ քնացողներէն մէկն է։ Ընդհանուր առմամբ Փաշինեան օրական 4-5 ժամ կը քնանայ։ Բժիշկներ կը յանձնարարեն 7-8 ժամ քնանալ։