ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ Իրանի հրթիռային յարձակումին պատճառով առնուազն 50 զինուորներ ախտանշուած են ուղեղային վնասուածքներով, ինչ որ ամերիկեան բանակին նախապէս յայտարարածէն աւելի մեծ թիւ մըն է:
Փենթակոնի բանբեր Թամըս Քամպըլ նշեց, որ Իրաքի արեւմուտքը գտնուող Այն Ասատ ռազմակայանին վրայ յարձակումին հետեւանքով գլխաւորաբար ուղեղային ցնցումներու ենթարկուած զինուորներուն մեծ մասը կը դարմանուի Իրաքի մէջ, իսկ մնացեալը՝ Գերմանիոյ եւ Քուէյթի մէջ՝ աւելցնելով. «Թիւերը կրնան փոխուիլ», ըսաւ ան:
Փենթակոնը շաբաթ մը առաջ այլ հաղորդագրութեամբ մը մէջ յայտարարած էր, թէ վիրաւորներուն թիւը 34 է, մինչ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ ամերիկացի այլ պաշտօնատարներ յայտնած էին, թէ 8 Յունուարին տեղի ունեցած յարձակումին պատճառով ոեւէ ամերիկացի զինուոր չէ զոհուած կամ վիրաւորուած: «Լսեցի, թէ քանի մը անձեր գլխացաւ ունեցած են», անցեալ շաբաթ ըսած էր Թրամփ: