ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, 7 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին տեղի ունենալիք տարեկան չորրորդ մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ վաւերագրական ֆիլմեր արտադրող Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան։
Ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին հանրային վարժարաններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդող շարք մը ուսուցիչներ, իսկ հեղինակաւոր պատմաբան եւ Անիի հօր՝ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին պիտի շնորհուի «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման ժառանգութիւն» մրցանակը։
«Հպարտ ենք, որ Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան պիտի ըլլայ մեր ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսը եւ պատուոյ հիւրը։ Ան յատկանշական աշխատանք կը տանի վաւերագրելու մեր պատմութիւնը», կը յայտնէ կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան։
Պատկերասփիւռի համար արտադրած հարիւրաւոր տեսանիւթերու կողքին, Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին բեմադրած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած իր չորս այցելութիւններուն հիման վրայ վաւերագրական «Ծածուկ Քարտէսը» ֆիլմը, որ շարք մը մրցանակներու արժանացած է։ Անին եղած է նաեւ «ԹելէՆայիրի» եւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի յայտագիրներու հաղորդավար։ Ան հաղորդակցութեանց եւ լրագրութեան ճիւղերուն մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։
Հայ Դատի վերոնշեալ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի De Luxe սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 237 E. Olive Ave., Burbank, CA 91502։ Տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներուն ծանօթանալու համար՝ այցելել www.ANCAWR.org/luncheon2020 կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին։