ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Ռուսիա հաստատեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի փորձագէտներուն այն զեկուցումները, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ օժանդակութեամբ դէպի Լիպիա զինեալներու փոխադրութեան: «ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի փորձագէտներու խումբը կանոնաւոր կերպով կը տեղեկացնէ զինեալներ Լիպիա փոխադրելու մասին: Մենք ալ կը հաստատենք այդ մէկը, որ կը կատարուի, անշուշտ, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.