ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Մարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Աւետ Ադոնց հեռաձայնային քննարկում ունեցաւ Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Թիեն Ըրլունի հետ, որ նշեց, թէ Չինաստան պատրաստ է Հայաստանին անհատոյց տրամադրելու բժշկական յատուկ զգեստներ եւ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքեր՝ 110,000 տոլար արժողութեամբ:
Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի եւ Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի իրավիճակին եւ տեղեկատուութիւն փոխանակեցին այս ուղղութեամբ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն մասին։
Փոխնախարարը բարձր գնահատեց այն փաստը, որ չինական կողմը շարունակաբար Հայաստանի հետ կը բաժնեկցի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման միջոցառումներու իր լաւագոյն փորձառութիւնը: