ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրները եւ նախագահները յայտարարեցին, որ Հայաստանի հիւանդանոցներուն պիտի տրամադրեն թոքերու արհեստական շնչառութեան 10 սարքեր։
Յայտարարութեամբ մը անոնք հաստատեցին, որ մտադիր են շարունակելու իրենց ջանքերը՝ օգնելու ամէնէն կարիքաւորներուն եւ նոյն ժամանակ աջակցելու առաջնագիծին վրայ պայքարող առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն:
««Օրորա»ի առաքելութեան առանցքային գաղափարը կեանք եւ յոյս պարգեւելն է անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիքը ունին աշխարհի որեւէ վայրի մէջ: Այդ գաղափարը աւելի քան պատեհ է յատկապէս 11 Մարտ 2020ին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ «Քորոնա»ն համաճարակ համարելէն ետք: Եւ այսօր, առաւել քան երբեք, մենք հաստատակամ ենք օգնութեան ձեռք մեկնելու անոնց, որոնք այլապէս կրնային անտեսուած ըլլալ կամ ամբողջովին լքուած» կ՛ըսուի նշեալ յայտարարութեան մէջ:
Նշելով, թէ «Օրորա»ն այս ժահրին դէմ պայքարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ՝ կը շեշտուի, որ անիկա իր նպաստը պիտի բերէ համաճարակին դէմ պայքարին Հայաստանի մէջ՝ #AraratChallenge շարժման հանգանակութեամբ հիւանդանոցներուն տրամադրելով թոքերու արհեստական շնչառութեան տասը սարքեր:
Յայտարարութեան աւարտին շեշտը կը դրուի այն իրողութեան վրայ, որ այսօր աշխարհի վրայ շատ աւելի մարդիկ օգնութեան կարիքը ունին եւ հետզհետէ պիտի ունենան՝ հաստատելով, որ այդ օգնութեան տրամադրումը իրենց պարտականութիւնը եւ պատասխանատւութիւնն է։ «Մարտահրաւէրը նետուած է ամբողջ մարդկութեան, եւ մենք բոլորիդ կոչ կ՛ուղղենք՝ միանալու «Օրորա»ին, այդ մարտահրաւէրը յաղթահարելու ջանքերուն»: