ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառ իշխանութիւնները նոր սպասարկութիւն մը սկսած են տրամադրել «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով տունէն հեռանալու մտավախութիւն ունեցող տառեցներուն եւ անկարներուն համար։
Գաւառը սկսած է ուտեստեղէնի եւ այլ կենսական առարկաներու գնումներուն ձրի առաքումներ տրամադրել նշեալներուն։
«Critical Delivery Service»ով հետաքրքրուողները կրնան դիմել (888) 863-7411 թիւին, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 8էն երեկոյեան ժամը 5: Իւրաքանչիւր քաղաքացի առաքումներէն կրնայ օգտուիլ ամիսը 4 անգամ։
Միւս կողմէ, 9 Ապրիլի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 25 քաղաքայիններ եւս մահացած են գաւառին մէջ եւ արձանագրուած են վարակման 425 նոր պարագաներ, ինչ որ 195ով նուազ է մէկ օր առաջուան տուեալէն։
Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 7955 վարակումներ եւ 223 մահեր։ Քննուած են աւելի քան 38,400 քաղաքացիներ։
Վերջապէս, Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի Լոս Անճելըս գաւառի բաժանմունքը կոչ ըրաւ հանրութեան, որ շատ ուշադիր ըլլան «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրարանցումը համացանցային նամակներու միջոցաւ շահագործողներէն՝ աւելցնելով, որ քաղաքացիներէն տեղեկութիւններ գողնալու փորձեր կը կատարուին սովորաբար առողջապահական տեղեկութիւններ տրամադրողներու քօղին տակ։