ՄՈՍԿՈՒԱ․- Ռուսիա պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու՝ զէնքերու լայն տեսականի, ներառեալ՝ պատերազմական օդանաւերու, մատակարարման շուրջ:
«Ինթըրֆաքս»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն Ռուսիոյ Զինուորական ճարտարագիտութեան համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութենէն:
Ծառայութեան բանբերը յայտարարած է, որ զինուորական համագործակցութեան ոլորտին մէջ Ատրպէյճան կը նկատուի Ռուսիոյ գործընկերը, այդ իսկ պատճառով Մոսկուա պատրաստ է Պաքուի հետ բանակցութիւններու՝ ռուսական սպառազինութեան եւ զինուորական սարքերու մատակարարման համար:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջերս յայտարարած էր, թէ հետաքրքրուած է ռուսական «Միկ 35» եւ «Սու․ 35» ռազմական օդանաւեր գնելով: Նախարարութեան ներկայացուցիչները արդէն այցելած են «Սուխոյ» եւ «Միկ» ընկերութիւններու գործարանները:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2019ին յայտարարած էր Ռուսիոյ հետ ռազմական ոլորտի մէջ հինգ միլիառ տոլարի պայմանագիրներ կնքելու մասին, որմէ երեք միլիառը արդէն իրականացուած է: