ՍԱՔՐԱՄԵԹՕ․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 9 Ապրիլի յետմիջօրէին յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով անգործ դարձած քալիֆորնիացիները 11 Ապրիլէն սկսեալ պիտի սկսին նահանգին տրամադրած անգործութեան ապահովագրութեան աջակցութեան կողքին ստանալ նաեւ դաշնակցային իշխանութիւններուն խոստացած շաբաթական 600 տոլարի յաւելալ գումարը։
Այդ յաւելալ գումարը մաս կը կազմէ Քոնկրեսին կողմէ վաւերացուած 2 եռիլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւններու ծրարին, որուն նպատակն է «Քորոնա» ժահրին պատճառած տնտեսական տագնապին վնասները մեղմացնել։
Վերջին չորս շաբաթներուն, 2․3 միլիոն քալիֆորնիացիներ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու դիմում կատարած են, ինչ որ ամբողջ 2019ին ներկայացուած դիմումներէն աւելի շատ է։ Միայն 4 Ապրիլին աւարտած շաբթուան ընթացքին ներկայացուած են 925,450 դիմումներ, ինչ որ անցեալ տարուան նոյն շաբթուան ընթացքին ներկայացուածներէն 2418 առ հարիւրով աւելի շատ է։
«Քորոնա» ժահրի համաճարակէն տուժածներուն համար Քալիֆորնիոյ նահանգին տրամադրած սպասարկութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել covid19.ca.gov կայքը։