ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «www.coloradoboulevard.net».- Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ Ապրիլ ամիսը կը դարձնէ Հայոց Ցեղասանութեան ամիս կրթաշրջանի տարածքին։
Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ կրթաշրջանի ուսուցիչները լաւապէս պատրաստուած են Հայոց Ցեղասանութիւնը դասաւանդելու, նոյն ժամանակ դրուատելով այն ուսուցիչները, որոնք առաջնահերթութիւն կու տան մարդկային իրաւանց եւ ցեղասանութեան վերաբերող դասանիւթներուն եւ օրինակելի կերպով կը կատարեն զանոնք։
Յիշեցնենք, որ Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանը անցեալ ամիս հաստատած էր անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի քաղաքին անդրանիկ ծրագիրը, որուն արձանագրութիւնները սկսած են։ Ծրագիրը պիտի իրագործուի քաղաքին Պլեր վարժարանին մէջ։ Արձանագրուելու համար այցելել www.pusd.us/Page/7799 կայքէջը։