ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը 27 Ապրիլին, արտակարգ ժողովի մը ընթացքին որոշեց Արամ Աճէմեանը ժամանակաւորապէս նշանակել քաղաքի քարտուղար, փոխարինելու համար քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Արտաշէս Քասախեանը։
Աճէմեան այս պաշտօնին վրայ պիտի մնայ առնուազն մինչեւ 2022ի տեղական ընտրութիւնները։
Արամ Աճէմեան վերջին 19 տարիներուն զանազան պաշտօններ վարած է Կլենտէյլի քաղաքային կառավարութեան մէջ եւ մինչեւ այս նշանակումը քաղաքի քարտուղարի գրանսենակին արխիւներու բաժանմունքին վերլուծաբանն էր։