ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- 28 Ապրիլին, Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին շուկաներէն մէկէն անցնող վառելանիւթի փոխադրակառքի մը պայթումին հետեւանքով մահացան առնուազն 46 անձեր, ներառեալ Թուրքիոյ դաշնակից ահաբեկչական կազմակերպութիւններու վեց զինեալներ։ Անոնց կողքին մահացան նաեւ քաղաքայիններ, ներառեալ՝ երեխաներ. վիրաւորուեցան շուրջ 50 ուրիշներ։
Թուրքիա կը պնդէ, որ իր հակաշիռին տակ գտնուող քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատասխանատուն Սուրիոյ քրտական կազմակերպութիւններն են։