ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- 28 Ապրիլին, Թուրքիա բժշկական օգնութիւն ղրկեց Ամերիկա՝ նպաստելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին։ 500,000 բժշկական դիմակներուն, 400,000 բժշկական տարազներուն, 400 N95 դիմակներուն եւ այլ առարկաներու կողքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկացի իր պաշտօնակիցին յղեց նամակ մը, որուն մէջ, ի միջի այլոց, կ՛ըսէ․ «Յոյս ունիմ, որ յառաջիկային Քոնկրեսը եւ ամերիկեան մամուլը համաճարակին ընթացքին մեր ցուցաբերած զօրակցութեան ազդեցութեամբ աւելի լաւ ձեւով կ՛ըմբռնեն մեր յարաբերութիւններուն ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ կ՛առաջնորդուին այն մտայնութեամբ, որ մեր ընդհանուր հարցերուն դէմ պէտք է համատեղ պայքար մղենք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Էրտողան կը փորձէ կաշառել ամերիկան, բան մը որ արգիլուած է, բայց թուրքիոյ մէջ շատ գնահատուած: Երբ Թրքական կառավարութիւնը ընդունի ցեղասպանութիւնը, բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար կը լուծուին, բայց պիտի յանդգնի՞ն: Թրքական երկու երես, շողոքորթ քաղաքականութիւն է կատարածը: