ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Հակառակ հայկական կողմին յստակ հերքումներուն՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով դարձեալ պնդեց, թէ Արցախի հակամարտութեան շուրջ բանակցութիւնները հիմնուած են կարգաւորման փուլային տարբերակին վրայ:
«Բանակցութիւնները գաղտնօրէն կ՛ընթանան եւ մանրամասնութիւնները չեն հրապարակուիր, սակայն անոնք հիմնուած են փուլային կարգաւորման սկզբունքին վրայ», ըսաւ ան՝ պնդելով, որ առաջին քայլը պիտի ըլլայ Արցախը «շրջապատող տարածքներու ազատագրումը», ապա ատրպէյճանցիներուն վերադարձը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերահաստատումը ։ Ան նաեւ նշեց, որ Արցախի ապագայ կարգավիճակը պիտի որոշուի «որոշ ժամանակ ետք», յարգելով «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւն»ը:
Հակամարտութեան կարգաւորման փուլային տարբերակին շուրջ վէճը սկսաւ անցեալ շաբաթ, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կատարեց այդ մասին յայտարարութիւն մը, որ անմիջապէս հերքուեցաւ Երեւանի կողմէ, հաստատելով, որ Հայաստանի համար ընդունելի չեն մինչեւ 2018ին ներկայացուած եւ փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները։
Ետ քայլ մը ռուսական պետութեան կողմէ: Իսկ Ազրպէյճան կ’ապրի երազներով: Աւելցուցէք անոր երազները թող մահաքունի անցնի: