ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 29 Ապրիլին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամային հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ: Այս մասին «Երկիր»ին կը տեղեկացուցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Զրուցակիցները քննարկեցին «Քորոնա» ժահրին տարածումով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները եւ անոնց հասցէագրման ուղղուած քայլերը:
Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային վերջին զարգացումներուն: Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն գծով նախարար Մնացականեան շեշտեց Արցախի մէջ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններու կարեւորութիւնը՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ տագնապին խաղաղ լուծման գործընթացին արդիւնաւէտ զարգացման տեսանկիւնէն:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝ 21 Ապրիլին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած առցանց հանդիպումին, որուն իբրեւ արդիւնք որդեգրուեցաւ միացեալ հնգակողմանի յայտարարութիւն մը։
Այս առնչութեամբ, երկուստեք առանձնայատուկ կերպով ընդգծուեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ մղուող միջազգային պայքարի պայմաններուն մէջ, զինադադարի դրութեան անվերապահ պահպանման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: