ՄԻՆԷԱՓՈԼԻՍ, «Պի․Պի․Սի․»․- Հինգշաբթի, յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով, բողոքի ցոյցեր եւ խռովութիւններ տեղի ունեցան Մինէափոլիս քաղաքին տարածքին, եւ շարք մը այլ կառոյցներու կողքին հրկիզուեցաւ նաեւ քաղաքին ոստիկանատունը։
Բողոքի ալիքը ծնունդ առած էր քաղաքին չորս ոստիկաններու կողմէ 46ամեայ սեւամորթ կասկածելի Ճորճ Ֆլոյտի վայրագ սպանութեան պատճառով։
Դրամ կեղծելու յանցանքով ամբաստանուող ենթական` ձերբակալուած վիճակին մէջ, ոստիկանի մը կողմէ խեղդամահ եղած էր ։
Ցուցարանները եւ Ֆլոյտի ընտանիքը կը պահանջեն 4 ոստիկաններուն ձերբակալութիւնը եւ դատապարտումը, սակայն ցարդ զանոնք պարզապէս իրենց պաշտօններէն հեռացուած են։
Սպիտակամոթ ոստիկանի մը կողմէ սեւամորթ քաղաքaցիի մը հերթական այս սպանութիւնը դատապարտող ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Տենվըրի, Ֆինիքսի եւ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ։
Մինչ սեւամորթ ղեկավարներ եւ մարդկային ու քաղաքացիական իրաւանց պաշտպաններ զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչեր կատարեցին, նախագահ Թրամփ կացութիւնը աւելիով հրահրեց՝ յայտարարելով, որ խռովարարներուն արարքներուն դէմ ապահովական մարմինները կրակոցներու պիտի դիմեն։