ԼՈՆՏՈՆ․- Անգլիական «Կարտիըն» թերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով openDemocracy կայքին կատարած հետաքննութենէն՝ կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդլու նպատակով» նպաստ ստացող Երիտասարդ բժիշկներու հայկական կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ ապատեղկատուութիւն կը տարածէ «Քորոնա» համաճարակին մասին՝ պնդելով, որ անիկա «կեղծ համաճարակ» մըն է, շինծու նիւթեր տեղադրելով համացանցի իր կայքին վրայ։
Ամերիկեան կառավարոթեան շնորհած նման նպաստները տարեկան 50,000 տոլարի կը հասնին։
Երիտասարդ բժիշկներու հայկական կազմակերպութեան ղեկավար Գէորգ Գրիգորեան ծանօթ է «Քորոնա» համաճարակին նկատմամբ Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն դէմ իր քննադատութիւններով եւ կապեր ունի ծայրայեղ աջակողմեան «Վեթօ» կուսակցութեան հետ։