ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան 25 Յունիսին հանդիպում ունեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները՝ իբրեւ շարունակութիւն Երեւանի մէջ 19 Յունիսին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի քննարկումներուն, միտքեր փոխանակեցին Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին շուրջ: Նախարար Մնացականեան ընդգծեց Արցախի ժողովուրդին եւ անոր կողմէ ընտրուած իշխանութեան դերը՝ խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ։ Այդ ուղղութեամբ կողմերը կարեւոր նկատեցին նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու իրականացումը՝ խաղաղ գործընթացի բովանդակային, վտանգներու նուազեցման եւ մարդասիրական հարցերու շուրջ դիրքորոշումները եւ մօտեցումները ճշդելու առումով:
Նախարարներ Մնացականեան եւ Մայիլեան բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային զանազան հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու իրականացումը՝ իբրեւ լաւ կարելիութիւն անդրադառնալու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն:
Նախարարները անդրադարձան նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակին եւ վերջինիս ընկերային-տնտեսական հետեւանքներուն մեղմացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման։