ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տեղեկացուց գաղափարակից ընկեր, արցախեան ազատամարտի մասնակից, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի ազգային պոլիտեխնիկական համալսարանի Հասարակական գիտութիւններու ամպիոնի փրոֆեսէօր, հայոց ազատամարտի պատմութեան մեծ նուիրեալ Համլետ Գէորգեանի անժամանակ մահուան մասին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն:
Համլետ Գէորգեան ծնած է 1 Մարտ 1951ին, Ապարանի շրջանի Մելիք գիւղին մէջ։ 1968ին աւարտած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը։ 1970-1972ին ծառայած է բանակին մէջ։ 1974-1979ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի փիլիսոփայութեան բաժինին մէջ։ 1979-1982ին եղած է ուսուցիչ։ Նոյն ժամանակ փիլիսոփայութիւն դասաւանդած է Երեւանի պոլիտեխնիկական հիմնարկին մէջ։ 1982-1991ին եղած է ուսուցիչներու կատարելագործման հանրապետական հիմնարկի հասարակագիտութեան ամպիոնի աւագ դասախօս։
1991ին ընտրուած է «Հայշինական» բարեգործական միութեան նախագահ։ Զուգահեռաբար հայոց պատմութիւն դասաւանդած է ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղին մէջ եւ Վալերի Պրիւսովի անուան օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Ան անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Մասնակցած է Արցախեան պատերազմին։ Պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն։ 1999էն սկսեալ կ՛աշխատէր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկին մէջ՝ իբրեւ աւագ գիտաշխատող։
2002էն ի վեր Հ. Գէորգեան կը դասաւանդէր ՀԱՊՀ Հասարակական գիտութիւններու ամպիոնին մէջ: Հեղինակ է հայոց ազատագրական պայքարի էջերը լուսաբանող բազմաթիւ գիրքերու։ Ազատագրական պայքարին մասին յօդուածաշարք հրապարակած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Զինուոր» թերթին մէջ։ Հանդիսացած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան «Մայր Հայաստան» ռազմական պատմութեան թանգարանի գիտութեան գծով փոխտնօրէն։