Երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներուն միջեւ Սուրիոյ հարցին շուրջ տեսաժողովը, որուն ընթացքին Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի շեշտեց «առանց որեւէ օտար միջամտութեան» միջսուրիական երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
«Ամերիկեան վարչակարգը «Սիզըր» պատժամիջոցները օրէնքի խորագիրին տակ միակողմանի արգելք կը հաստատէ Սուրիոյ վրայ», ըսաւ Ռոհանի` աւելցնելով․ «Կը վերահաստատենք Սուրիոյ մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու մեր վճռակամութիւնը»։
«Սուրիոյ մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական խմբաւորումներն են, որոնք կը սպառնան սուրիական կառավարութեան գերիշխանութեան եւ վարչակարգին», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յարգել զինադադարը լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն մէջ:
«Սուրիացի ժողովուրդին դէմ հաստատուող պատժամիջոցները միայն անոր վրայ յաւելեալ ճնշումի պիտի առաջնորդեն», ըսաւ ան։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մաղթեց, որ «կայունութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնի մեր դրացի Սուրիոյ մէջ»։