ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ»․- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ գլխաւոր տագնապներու, որոնց շարքին Սուրիոյ, Եմէնի, Լիպիոյ, Հարաւային Սուտանի եւ Քոնկոյի մէջ «թշնամական արարքներու անմիջական դադրեցում» պահանջեց՝ պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Որոշումը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթոֆ Հիւսկեն արդիւնքը կոչեց «յոյսի նշան մը բոլոր մարդոց համար, որոնք ներկայիս աշխարհի տարածքին տագնապներու գօտիներու մէջ կ՛ապրին»՝ աւելցնելով, որ այժմ խորհուրդին եւ զինեալ պայքարներու բոլոր կողմերուն պարտաւորութիւնն է գործադրել այս որոշումը: