ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեան մը միջոցաւ խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանական զինուած ուժերուն՝ 12 Յուլիսիէն ի վեր նախաձեռնած եւ շարունակուող ռազմական սադրանքը, ներթափանցման փորձերը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին դէմ ծանր հրետանիի գործածումըէ նշելով, որ Պաքու կը շարունակէ իրավիճակը սրել եւ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութեամբ խախտած է զինադադարը, հակառակ համաճարակին եւ 90 օրով համընդհանուր հրադադար հաստատելու մասին անցած շաբթուան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին:
«Այս տարուան Մայիսին Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մօտ լայնածաւալ զօրավարժութիւններէն եւ Բերքաբեր գիւղի ռմբակոծումէն ետք, Ատրպէյճան այժմ կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ օգտուելով COVID-19ի պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն: Դատապարտելի է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ, փաստերը խեղաթիւրելով՝ հրապարակայնօրէն իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական բանակի սադրիչ գործողութիւններուն: Թրքական եւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները երկար տարիներէ ի վեր կը համագործակցին՝ Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս մեկուսացնելու համար: Դժբախտաբար, թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը հրաժարին անցեալէն դասեր քաղելէն, այլ նաեւ գործնականօրէն կը քաջալերեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ֆիզիկական ապահվութեան սպառնացող ռազմական բռնարարքները: Իբրեւ եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւն՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կոչ կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան, անոր հաստատութիւններուն եւ անդամ երկրներուն, որ խստօրէն դատապարտե ատելութեան խօսքի տարածման եւ Արցախեան հակամարտութեան ռազմական լուծում պարտադրելու որեւէ փորձ: Անցնող ամիսներուն ատրպէյճանական իշխանութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակաբար աղաւաղեցին եւ շահագործեցին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւներու բովանդակութիւնը՝ փորձելով հող պատրաստել ռազմական յարձակման համար: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է Արցախեան հակամարտութեան ռազմական լուծման հնարաւորութեան մասին: Հայատեցութեան քաջալերումը արդէն տասնամեակներ շարունակ Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւն եւ երկրին ներքին հարցերէն շեղելու միջոց է», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Մեկնաբանելով իրավիճակը՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. « Ինչպէս ամբողջ աշխարհը, Հայաստան եւս կը պայքարի համաճարակին դէմ: Բացի այդ՝ այժմ Հայաստան ստիպուած է նաեւ կասեցնելու ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը: Դժբախտաբար, այսօր Ատրպէյճան սպառնալիք է տարածաշրջանային ապահովութեան համար: Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ իր դրացի երկրներուն մէջ խաղարարարի դեր կատարել, պէտք է ատելութեան խօսքի դէմ յստակ միջոցներու ձեռնարկէ եւ յստակօրէն նշէ, որ Ատրպէյճանն է նախայարձակը: Եւրոպական Միութիւնը պէտք է նաեւ Թուրքիան ենթարկէ պատժամիջոցներու՝ այլատեացութեան քարոզի եւ ինքնիշխան պետութիւն եւ Եւրոպական Միութեան գործընկեր երկրի հանդիսացող Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեան սատարելուն համար»: