ՄԱԿ, «Արմէնփրէս»․- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի պաշտօնական ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ մեկնաբանութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին բախումներուն վերաբերեալ` ներկայացնելով ընդհանուր քարտուղարին մտահոգութիւնը:
«Ընդհանուր քարտուղարը անհանգստութիւն կը յայտնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին զանազան զէնքերու, որոնց կարգին նաեւ ծանր զինատեսակներու օգտագործումով, փոխադարձ հրաձգութեան մասին լուրերուն վերաբերել, որոնք, ինչպէս կը հաղորդուի, յանգեցուցած են մարդկային կորուստներու: Ան կոչ կ՛ընէ՝ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, բոլոր ներգրաւուած կողմերուն կոչ կ՛ընէ՝ քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն զերծ մնալու:Ան ի գիտութիւն ընդունած է ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն յայտարարութիւնը եւ դարձեալ իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ այս վտանգաւոր իրավիճակին վերջ տալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ եւ բանակցային ճամապարհով լուծումներ փնտռելու անոնց ջանքերուն»: