ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 19 Յուլիսի յետմիջօրէին յայտարարեցին, թէ վերջին շրջանին «Քորոնա» ժահրով կը վարակուին շատ աւելի մեծ թիւով երիտասարդներ. ցարդ վարակուածներուն մէջ 52 տոկոսը 41 տարիքը չբոլորածներն են։ Ցարդ քննուած 1․5 միլիոն քաղաքացիներուն 10 տոկոսը վարակուած է։
Նաեւ նշուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին 11 վարակուած քաղաքացիներ մահացան եւ արձանագրուած են 2848 նոր վարակումներ: Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառին տարածքին արձանագրուած են 155,887 վարակումներ եւ 4095 մահեր:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 391,084 վարակումներ եւ 7713 մահեր:
Ներկայիս աւելի քան 3․9 միլիոն վարակակիրներով եւ 143,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն յաջորդող Պրազիլի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ կան յաջորդաբար 2.1 միլիոն, 1․1 միլիոն եւ 777,486 վարակուածներ:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը անցաւ 14․7 միլիոնի սահմանը, որուն 8.8 միլիոնը ապաքինած է: Մահացած են մօտաւորապէս 610,000 վարակուածներ: