ՕԹԹԱՈՒԱ, «Հորիզոն»․- Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը դատապարտելու համար, 17 Յուլիսին, Գանատայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ կազմակերպութեամբ ՀՅԴի Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան։
«Մի քանի օր առաջ Պաքուի փողոցներուն մէջ «մահ հայերուն» կ՛աղաղակէին. ահաւասիկ ողջ ենք եւ կը պայքարինք յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան։ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի եւ ուսանողականի անդամները հայ զինուորին կողքին են», յայտնեց ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ալեմեան։
Ցուցացարարները յանձնեցին Ատրպէյճանի դեսպանի տեղակալ Ֆուատ Ալիեւին հասցէագրուած նամակ մը, որունմէջ խստօրէն կը դատապարտուի Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։
ՀՅԴ ԳԵՄի եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողականի անդամները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով ցոյցը շարունակեցին Գանատայի խորհրդարանին դիմաց, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան՝ ըսելով, որ ազգովին հայոց բանակին ու հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորին կողքին ենք։