ՀՌՈՄ.- Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Ռոմա» հիւրընկալեց 2րդ դիրքը գրաւող «Ինթեր Միլան»ը:
Հիւրընկալ կազմը թէեւ բաւական մօտ էր ապահովելու մրցումին յաղթանակը, սակայն մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, երբ 87րդ վայրկեանին «Ինթեր»ը նշանակոց հաւասարութեան կօլը:
Մինչ այդ, «Ռոմա» կը յառաջանար 2-1 արդիւնքով, շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեանի նշանակած կօլին (57րդ վայրկեանին):
Աւելի ուշ ան կօլը նուիրեց Հայաստանին՝ գրելով. «Իմ կօլը` իմ երկրի համար»։