ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող օրերուն, երբ ատրպէյճանական բանակը յարձակումներ կ՛իրագործէր Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն վրայ, Հայոց բանակին ուղղուած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին զօրակցական կոչերը, ըստ երեւոյթին անհանգստացուցին ատրպէյճանցիները, որոնք հակահայ քարոզչական արտայայտութիւններ ունեցան կաթողիկոսին ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ։
Իսկ այս առաւօտ, կաթողիկոսարանին պաշտօնական կայքը եւ ընկերային ցանցերու պաշտօնական էջերը թիրախ դարձան ատրպէյճանցի կայքահէններու (hacker)։
Սակայն, շնորհիւ կաթողիկոսարանին Տեղեկատուական բաժանմունքի աշխատակիցներուն, կարելի եղաւ դէմ դնել յիշեալ հակահայ յարձակումներուն եւ վերականգնել Instagram-ի պաշտօնական էջը։