ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 16 Յուլիսին, 94 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուաւ բանաստեղծ, արձակագիր, մանկավարժ, սրտի հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ. Վարդ Շիկահեր։
Վարդ Շիկահեր ծնած է Պոլիս, 1926ին։ Դպրոցական տարիներուն թղթակցած է «Մարմարա» թերթին։ 1944ին աւարտած է Վենետիկի Մխիթարեան վարժարանը. 1951-1957ին, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոլսոյ համալսարանի բժշկական բաժինին մէջ։ 1944էն 1981 դասաւանդած է Պոլսոյ Մխիթարեան, Էսաեան եւ Ֆերիգիւղի միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։
«Հայ գրականութիւնն ու մեր մայրենին կորսնցուցուցին իրենց ամէնէն հաւատարիմ պահակներէն մէկը», կը գրէ «Մարմարա»։