Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Դուք ուզեցիք խուսափիլ պատերազմէն ի գին
անպատուութեան: Ունիք անպատուութիւնը
եւ պիտի ունենաք պատերազմը»:
Ուինսթըն Չըրչիլ
Գործնապաշտ հայեր եւ օտար խօսակիցներ կը զարմանան, որ դար մը առաջ ստորագրուած դաշնագրին մասին կը խօսինք: Ժամանակը եւ կեանքը արագացած են, քաղաքացիներու եւ պետութիւններու դիմագրաւած հարցերը աճած են: Այսօր, երբ պսակաձեւ ժահրը ամէն օր կեանքեր կը խլէ, կեանքերու կը սպառնայ, ի՞նչ այժմէականութիւն կրնայ ունենալ հարիւր տարի առաջ ստորագրուած թուղթ մը, որ բախտաւոր պարագային, կը հետաքրքրէ միայն պատմաբանները:
Այսպէս կրնան մտածել եւ վերաբերիլ սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան մէջ ընդարմացած մարդիկ, անոնց շարքին, ափսոս, նաեւ՝ հայեր: Ժողովուրդի մը իրաւունքը իր կեանքի խնդիրն է, այդ իրաւունքը չի շփոթուիր անհատական իրաւունքի հետ: Եթէ անհատին հանդէպ անիրաւութիւն գործուած է, անոր համար կարելի է հատուցում պահանջել կամ սահմանել դատապարտութեան բարոյական խօսքեր:
Ազգի իրաւունքը ժողովուրդի եւ պատմութեան կուտակում է եւ զայն կարելի չէ ջնջել ոչ պատերազմով, ոչ անիրաւողի յաղթանակով, ոչ ալ շահախնդրուածներու համաձայնութիւններով, որոնք մեծխօսիկութիւններու ետին, կ’առաջնորդուին նպարավաճառային հաշիւներով:
Այս մասին մտածեցի, երբ յաղթական դաշնակցիներու նահանջով յատկանշուող Լոզանի դաշնագրի տարեդարձի օրը, Թուրքիոյ նախագահը, բռնագրաւողի իրաւունքով, Կոստանդնուպոլսոյ քրիստոնէական տաճար Սուրբ Սոֆիան, Մէհմէտ Ֆէթիհի քայլերուն վրայ, զայն վերածեց մզկիթի: Կրօններու համակեցութիւնը ցանկալի է, իրենք զիրենք յարգող մարդիկ այլ կերպ չեն մտածեր, բայց համակեցութեան համար երկու կամ աւելի պէտք է ըլլալ:
ԻԱ դարուն, երբ կը խօսուի օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութեան մասին, ինչպէ՞ս երկիր մը եւ անոր նախագահը գիծ կը քաշեն պատմութեան եւ յիշողութեան վրայ, բրտօրէն այլ կրօնի մը աղօթատեղին կ’իւրացնեն: Այլ բացատրութիւն չունի Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարի մզկիթի վերածումը, որ նոյնպէս արատ է իսլամական աշխարհին համար, քանի որ համակեցութեան դրժում է:
Այս բրտութիւնները հետեւանք են քաղաքակիրթ աշխարհի ընդունած բայց չյարգած-չգործադրած Սեւրի դաշնագրին, առեւտրական-գաղութարարարական եսապաշտ շահախնդրութիւններու զոհելով արդարութիւնը եւ ժողովուրդներու իրաւունքը: Յաճախ կը խորհիմ, որ բողոքի ցոյցեր պէտք է ըլլան ընդդէմ անոնց որոնք խոստմնադրուժ եղան, մեղսակից դառնալով իրաւազրկողին, իրաւազրկողներուն:
Կը մտածեմ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ազգայնականութեամբ յատկանշուող քաղաքակրթական եւ աշխարհիկ տարրական բարենորոգչութեան մասին: Նոյնիսկ ի՞նչ կը մնայ Աթաթիւրքի տարրականէն: Թուրքիոյ նախագահը վերջ կու տայ փակագիծին եւ ինքզինք կը սահմանէ սուլթան Մէհմէտ Ֆէթիհը շարունակողի դերին մէջ, եւ կ’աղօթէ այն տաճարին մէջ, ուր ջարդուած էին քրրիստոնեայ հոգեւորականներ: Համամարդկային ժառանգութիւն յայտարարուած Սուրբ Սոֆիան կրօնական մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողութեան բեմ կը դառնայ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕի, աշխարհի խաղաղութեան հսկողներու, կրօնական ազատութիւնները ջատագովողներու եւ վանտալիզմները դատապարտողներու աչքին առջեւ:
Ռեչէփ Թայիպ Էրտողան կը հեռանայ ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի իմաստութենէն, որ 1934ին, Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին դարձուցած էր թանգարան, նոյնիսկ եթէ զայն չէր վերադարձուցած անոր իսկական տէր ուղղափառ յոյն եկեղեցիին: Միամիտ չենք. Մութաֆա Քեմալ արդարութեան եւ ճշմարտութեան ասպետ մը չէր, այլամերժ ազգայնականութեան ջատագով էր: Բայց չէր ուզած ըլլալ աշխարհի իսլամներու առաջնորդ: Այդ փառասիրութիւնը չէր ունեցած: Իսկ Ռեչէփ Էրտողանի սուլթանական փառասիրութիւնները անսահման են: Ժամանակի հարց է, իրականացնելու համար Վիէննայի պատերուն տակ վերադարձի նուաճողական երազանքը… 1683ի պարտութենէն ետք:
Սուրբ Սոֆիա եկեղեցիի մզկիթի վերածումը մարտահրաւէր է, որ կը ծառայէ նաեւ ներքին սպառման, ամրացնելու համար կապը իր ընտրազանգուածին հետ:
Յունաստանի վարչապետը կը բողոքէ, բայց իր հակազդելու կարելիութիւնները սահմանափակ են, իսկ ի՞նչ պէտք է ընեն, Ատլանտեան Ուխտի (NATO) իր զինակիցները եւ Եւրոմիութիւնը: Անոնք գործնապէս պիտի զօրակցի՞ն, բանիւ եւ գործով, ոչ միայն բանիւ, պաշտպանելու համար Յունաստանի մշակութային եւ հոգեկան ժառանգութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարի մը ափսոսանքը ոչ մէկ կշիռ ունի բիրտ ուժին դէմ, իսկ Հռոմի քահանայապետը կրնայ յուզուիլ որքան որ ուզէ: Ի՞նչ կ’առաջարկէ, ի՞նչ կը պահանջէ՝ գէթ անոնցմէ, որոնք զինք կը լսեն կամ կը ձեւացնեն լսել:
Իսկ խօսուն է նախընթացը՝ թրքական բանակը, 1974ին ներխուժած էր Կիպրոս, որ անդամ է Եւրոմիութեան, եւ անդամ երկրի տարածքին մէկ մասը գրաւուած կը մնայ մինչեւ այսօր:
Ռեչէփ Թայիպ Էրտողան բիրտ ուժի ցուցադրութեամբ ասպարէզ կը կարդայ բոլորին: Աշխարհ կրնայ ճանչնալ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործած է հայոց դէմ, ինք կամայականութեամբ կը մերժէ ճշմարտութիւնը ընդունիլ: Արեւմտեան աշխարհը Թուրքիոյ նախագահի անսանձ կամայականութեան կը հակադրէ մարդկային իրաւանց սկզբունքեր: Տարբեր առիթով մը, հայ բանաստեղծ մը խօսած էր թղթէ կապարճի մասին: Այդ կ’ընեն Թուրքիոյ մէջ հալածուած եւ զանազան երկիրներու մէջ ապաստան գտած թուրք մտաւորականները: Այսինքն, Թուրքիոյ նախագահը ինք կ’որոշէ եւ ինք կը պարտադրէ բանակցութիւն՝ որ պէտք է յանգի իր որոշման: Այս ըմբռնումով միայն կարելի է երկխօսութիւնը: Այս է Ռէչէփ Էրտողանի միջազգային յարաբերութիւններու բարոյականը եւ չափանիշը:
Ըսաւ, որոշեց, ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ համամարդկային ժառանգութիւն ճանչցուած քրիստոնէական տաճարը դարձաւ մզկիթ:
Այս ընելով, Ռեչէփ Էրտողան ծառայութիւն չմատուցեց իսլամութեան:
29 Մայիս 1453ի ուղիղ շարունակութիւն, գէթ առայժմ՝ առանց արիւնահեղութեան: Բայց ի՞նչ է տարբերութիւնը ժառանգութեան եւ հոգեկան բիրտ իւրացման եւ արիւնահեղութեան: Յափշտակութիւն եւ կողոպուտ: Մէհմէտ Ֆէթիհի նուաճումներու շարունակութիւն եւ ամրապնդում:
Պատմութեան ներկայ հանգրուանին, նախկին գաղութներու, գերեվաճառութեան եւ հակասեմականութեան հարցերով հրապարակային զղջումներ կը պահանջուին, repentance:
1453ին, թուրքերը մտան Կոստանդնուպոլիս, եւ տեղի ունեցաւ ազգաբնակչութեան զանգուածային ջարդ: Սուրբ Սոֆիա եկեղեցիին դարպասները քանդուեցան եւ հոն աղօթող կրօնականները ջարդուեցան, հաւատացեալները ջարդուեցան եւ գերեվարուեցան: Թուրքիան եւ իր առաջնորդը զղջում արտայայտեցի՞ն, repentance, այդ չարագործութիւններուն համար: Կրաւորականութեամբ մեղսակից հանդիսատեսները լռեցին եւ կը լռեն, որովհետեւ հաշտուեցան կացութեան հետ, եւ համոզուած իր անպատժելիութեան, 462 տարի ետք, 1915ին, Թուրքիա գործեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անպատիժ բռնագրաւողի տրամաբանութիւնը շարունակելով, Թուրքիա մարդկութիւնը կրնայ կանգնեցնել նոյնանման արարքներու առջեւ:
Որպէսզի վերականգնի օսմանի կայսրութիւնը:
Աշխարհի ճակատագիրը որոշողներու շահախնդրութիւններու հետեւանք կամաւոր կուրութիւնները մինչեւ ո՞ր համամարդկային աղէտները կրնան առաջնորդել:
Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ չէր գիտեր: Մեծերը եւ պզտիկները:
Պէտք է յիշել Ուինսթըն Չըրչիլի ճշմարտութեան բիրտ խօսքը:
Սեւրի դաշնագրի ներշնչած ճշմարտութեան եւ արդարութեան խաբուսիկ գինովութենէն ետք Լոզանի դաշնագիրը կապարէ կափարիչ դրաւ անոնց վրայ:
Բարոյականութեան պարտութենէն, արժէքներու եւ սկզբունքներու նահանջէն անցած է հարիւր տարի եւ հինգ օր…