ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Ամերիկեան «Մոտերնա» ընկերութիւնը յայտարարեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստն գիները. ոչ-մեծաքանակ գործածութեան պարագային, անիկա 32էն 37 տոլար է։ Նկատի ունեալով, որ անիկա երկու անգամով պէտք է տրուի, ընդհանուր գինը պիտի հասնի 64էն 74 տոլարի:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն մօտաւորապէս 1 միլիառ տոլարի աջակցութիւն ստացած ընկերութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Ամերիկայի նման բարձր կենսամակարդակ չունեցող երկրներուն համար գինը 25էն 30 տոլար պիտի ըլլայ։
Ընկերութեան գիները համեմատաբար բարձր են, քան մրցակիցներունը. Pfizer-ի եւ BioNTech-ի մշակած պատուաստը՝ 19.5 տոլարով, Johnson & Johnson-ինը՝ 10 տոլարով, AstraZeneca-ի եւ «Օքսֆըրտ» համալսարանինը՝ 3-4 տոլարով կը գնահատուին: