ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այսօր յայտարարեց է, որ Թուրքիա Սեւ ծովուն մէջ բնական կազի յատկանշական պաշարներ յայտնաբերած է:
Ան նշեց, որ «միայն Թուրքիոյ միջոցներով եւ ջանքերով» Յուլիսին կատարուած պեղումներուն ընթացքին 320 միլիառ խորանարդ մեթրի հասնող կազի պաշարներ յայտնաբերուած են եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք երկրին ժողովուրդին կարելի ըլլայ հասցնել 2023ին։