Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետը «Թռչնոց Բոյն» որբանոց իր անակնկալ այցելութեամբ ուրախացուց փոքրիկները, որոնք կաթողիկոսին շուրջ հաւաքուելով՝ պատմեցին իրենց առօրեային մասին, մտերմիկ զրոյցներ ունեցան անոր հետ եւ շնորհակալութեամբ ստացան անոր բերած նուէրները։
Կաթողիկոսը նաեւ շրջեցաւ որբանոցը եւ մօտէն տեղեկացաւ շինարարական աշխատանքին, սննթամթերքի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն կազմաւորման համար տեղի ունեցող զանազան ծրագիրներուն մասին։