ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «ՀաֆՓոսթ»․- Երկուշաբթի օր սկսած Հանրապետական կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, վերընտրուիլ ջանացող նախագահ Տանըլտ Թրամփ լուսարձակի տակ դրաւ ազատ արձակուած քանի մը ամերիկացի պատանդներ, որոնցմէ մէկն էր ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրոնսըն, որ անհիմն ամբաստանութիւններով աւելի քան երկու տարի բանտարկուած էր Թուրքիոյ մէջ՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ իբրեւ խաղաքարտ գործածուելով։
Հակառակ այս իրողութեան, Թրամփ շարունակեց Էրտողանի նկատմամբ իր յատուկ սիրոյն հաւատարիմ մնալ (այլ բռնապետներու նկատմամբ իր արտասովոր մօտեցումներուն նման), պնդելով, որ Էրտողան «շատ լաւ մէկն է»։ Ան անցեալին եւս գովաբանած է Էրտողանը։
Համաժողովին ընթցքին հնչած այլ արտակարգ պնդում մըն էր այն, որ Թրամփ լաւապէս կը պայքարի համաճարակին դէմ, մինչ իրականութիւնը այն է, որ ան երկու ամիս անտեսեց զայն՝ պնդելով, որ անիկա յօրինուած սուտ մըն է, կը չափազանցուի մամուլին կողմէ եւ թէ օր մը ինքն իրեն պիտի անհետանայ, որուն հետեւանքով ներկայիս երկիրը ունի աշխարհի տարածքին մեծագոյն թիւով վարակակիրները եւ զոհերը, մինչ այլ երկիրներ արդէն իսկ կրցած են զսպել զայն։
Նաեւ պնդուեցաւ, որ երկրին մէջ ցեղապաշտութիւն գոյութիւն չունի եւ թէ անիկա դեմոկրատներուն կողմէ յօրինուած սուտ մըն է, մինչ ոստիկաններու կողմէ սեւամորթներու սպանութիւնը կը շարունակուի, համաճարակին զոհերուն մեծամասնութիւնը սեւամորթ կամ սպանախօս է, մինչ երկրին հարստութիւնը կեդրոնացած կը մնայ սպիտակամորթներուն ձեռքը։
Յիշեցնեք, որ վերջին քանի մը օրերուն, ոստիկաններ Լուիզիանա եւ Ուիսքանսըն նահանգներուն մէջ կրակ բացին երկու սեւամորթներու վրայ, սպաննելով անոնցմէ մէկը եւ ծանրօրէն վիրաւորելով երկրորդը, վերջինը՝ կրնակէն եւ իր երեք զաւակներուն (3, 5 եւ 8 տարեկան) առջեւ։ Այս ոճիրներէն ետք, ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ բողոքի ցոյցերը դարձեալ սաստկացան շարք մը քաղաքներու մէջ։