ԴԱՄԱՍԿՈՍ․- Երէկ, Արաբական կազի խողովակաշարին Դամասկոսի գիւղական Տումէյր եւ Ատրա շրջաններուն միջեւ գտնուող հատուածին մէջ պատահեցաւ պայթում մը, որ Սուրիան զրկեց ելեկտրականութենէ:
Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը աւելի ուշ հաստատեց, որ պայթումը ահաբեկչական արարք մըն էր:
Արդէն իսկ կարելի եղած է դարձեալ կազ մատակարարել ելեկտրակայաններուն, առ այդ, ելեկտրականութեան հոսանքի մատակարարումը աստիճանաբար կը վերականգնի: