ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Էրմենիհապեր», «Ակօս»․- Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման ամենացայտուն օրինակներէն է երկու երիտասարդ իրաւաբաններ Էպրու Թիմթիքի եւ Այթաչ Իւնսալի հացադուլը։
Թուրքիոյ միահեծան կառավարութեան ստեղծած պայմաններուն մէջ դատական համակարգը կորսնցուցած է իր անկախութիւնը եւ ամբողջովին ենթարկուած նախագահ Էրտողանի հրահանգներուն։ Այսօր ոչ ոք կրնայ ապաւինիլ դատական համակարգի որոշումներու արդարութեան։
Նոյնիսկ երբ Էրտողանի կամքին հակառակ որոշումներ տրուին, այդ որոշումները «կը սրբագրուին» այլ դատարանի մը որոշումով։ Այսպիսի օրինակ մըն էր Թիմթիքի եւ Իւնսալի դատավարութիւնը։ Երբ դատակազմը որոշեց զանոնք ազատ արձակել, անմիջապէս դատակազմը փոխուեցաւ եւ փոխարինող կազմը նայնիսկ մեղադրեալներուն պաշտպանութիւնը լսելու կարիքը չտեսնելով՝ անցեալ տարի որոշեց երկարատեւ բանտարկութիւն։ Այս անարդարութեան դէմ բողոքելով է, որ երկու երիտասարդ փաստաբանները դիմեցին հացադուլի։ Իրենց այս պահանջը անտեսուեցաւ բոլոր պետական մարմիններուն կողմէ եւ հացադուլը հասաւ խիստ վտանգաւոր հանգրուանի։
Արդարեւ, հացադուլին 238րդ օրը՝ 28 Օգոստոսին, Թիմթիք իր մահկանացուն կնքեց, իսկ Իւնսալ, եթէ նոյնիսկ այսօր վերջ տայ հացադուլին, շատ հաւանական է, որ վնասը անբուժելի հետքեր ձգէ։
Նշենք, որ իշխանութիւնները շրջան մը բռնի կերպով հիւանդանոց փոխադրած էին փաստաբանները։ Անոնց մերձաւորներուն վկայութեամբ՝ հիւանդանոցի պայմանները շատ աւելի ծանր եղած են, քան բանտին։