Այս տարի առցանց կատարուող Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականին, Հայաստանի հաւաքականը երէկ մրցեցաւ Յունաստանի դէմ, արձանագրելով երկու յաղթանակներ եւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Առաջին հանգրուանին, Հայաստան յաղթեց 4․5-1․5 արդիւնքով: Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Մարգարեան յաղթանակներ արձանագրեցին, Էլինա Դանիէլեան պարտուեցաւ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Երկրորդ հանգրուանին, հայրենի կազմը յաղթեց 3․5-2․5 արդիւնքով:
Նախորդ հանգրուաններուն, Հայաստան 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ, պարտուեցաւ պուլկարացիներէն, 3․5-2․5 արդիւնքով եւ 4․5-1․5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թուրքիան: Հայաստան յաղթանակներ արձանագրեց նաեւ Խրուաթիոյ (4․5-1․5), Ալճերիոյ (6-0), Եգիպտոսի (5-1) եւ Մարոքի (6-0) դէմ, սակայն 3․5-2․5 արդիւնքով պարտուեցաւ Անգլիայէն եւ նոյն արդիւնքով տեղի տուաւ Ռուսիոյ դիմաց։