ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց Փարիզի Կոմիտաս վարդապետի արձանի պղծումը։
«Հայաստանի դեսպանութիւնը խստօրէն դատապարտում է Փարիզում Կոմիտաս Վարդապետի արձանի պղծումը, որը ժխտողականութեան դրսեւորում է», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ եւ կը յիշեցուի, որ արձանը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, ինչպես նաեւ Ֆրանսայի համար զոհուած հայերու յիշատակին։