10 Օգոստոս 1920ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը կարեւոր պատմական փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչեւ օրս, անիկա կը մնայ խորհրդանիշը մեր դատի պատմական արդարութեան եւ հողային պահանջատիրութեան:
Նշելու համար այս անկիւնադարձային դաշնագիրին 100ամեակը եւ քննելու անոր առընչութիւնը ներկայ քաղաքական-իրաւաբանական պայմաններուն, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան «Արմենական-Յովսէփեան» ակումբը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Դրօ» կոմիտէն միասնաբար կը կազմակերպեն առցանց լսարան մը Zoom-ի միջոցաւ։ Այս լսարանը, պատրաստուած հայերէնով և անգլերէնով՝ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին:
Անգլերէնով ելոյթ պիտի ունենան հռչակաւոր պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ անուանի փիլիսոփայ Հենրի Թէրիօ (Լոս Անճելըսի ժամով երեկոյեան ժամը 5էն 6:30), իսկ հայերէնով ելոյթ պիտի ունենան համբաւաւոր պատմաբան Թալին Տէր Մինասեան եւ հանրածանօթ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Լոս Անճելըսի ժամով առաւօտեան ժամը 9 էն 10:30):
Արձանագրութեան եւ կապը ստանալու համար այցելել https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSdHeTWaG6ZcTZpM8SYYrYF-8Z0t_x7nsHfi2BH5_r-VQT82gw/viewform?vc=0&c=0&w=1&flr=0 կայքէջը կամ ձեր անունը եւ ե-նամակի հասցէն ուղարկել garmir@verizon.net հասցէին։