ԺԸՆԵՒ․- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն կոչ կ՛ընեն, թէ պէտք է ապրիլ սորվիլ «Քորոնա» ժահրին հետ եւ ոչ թէ սպասել պատուաստներուն։
«Բացասականօրէն չտրամադրուինք. համավարակի վերջը կու գայ, իսկ յաղթանակը պատաւոր չենք կապելու պատուաստին հետ․ պիտի յաղթենք, երբ մենք սորվինք ապրիլ համավարակին հետ», ըսաւ կազմակերպութեան Եւրոպայի տարածաշրջանային գրասենեակի տնօրէն Հանս Քրիւկեն:
Ան շեշտեց, թէ կառավարութիւնները պէտք է ստանձնեն աշխոյժ ղեկավարող դեր, իսկ քաղաքացիրները պէտք է յարգնեն տարածումը սահմանափակող միջոցները՝ կրկնելով, թէ դիմակներ կրելու եւ մեծ հաւաքներէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը:
Համաճարակին երկրորդ ալիքին վերաբերեալ ներկայիս աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի միասնական կարծիք, սակայն որոշ երկիրներու մէջ արդէն իսկ կ՛ահազանգեն համաճարակի երկրորդ ալիքի բռնկման մասին։
Յատկանշական է, որ զանազան երկիրներու մէջ նոր պարագաներու աճը հիմնականօրէն կապ ունի մեկուսացման դրութեան մեղմացման հետ։ Բազմաթիւ կառավարութիւններ, սեփական տնտեսութիւնը վերականգնելու համար՝ շտապեցին վերաբանալ տնտեսական գործունէութեան զանազան ճիւղեր։
Եւրոպական կարգ մը երկիրներ, ինչպէս՝ Սպանիա, Իտալիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա, որոնք համաճարակին պատճառով մեծապէս տուժեցին, կանգնած են համաճարակի երկրորդ ալիքի բռնկման շեմին։ Եւրոպայի մէջ, «Քորոնա» ժահրով վարակման ամէնէն շատ պարագաները կը շարունակուին արձանագրուիլ Սպանիոյ մէջ։ Թէեւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներու եւ հիւանդանոց փոխադրուողներու թիւը նուազած է, սակայն Սպանիայի առողջապահութեան ոլորտի ներկայացուցիչները անհանգստացած են վարակման պարագաներու աճով, որուն պատճառով Սպանիայի իշխանութիւնները երկրին զանազան տարածքաշրջաններու մէջ հաստատած են նոր սահմանափակումներ։
Ֆրանսայի մէջ սահմանափակումներու մեղմացումէն ետք եւս արձանագրուեցաւ վարակման մրցանիշային աճ, որուն պատճառով Փարիզի, Մարսէյի, Թուլուզի եւ Լիլի մէջ, հասարակական վայրերու մէջ դարձեալ պարտադիր դարձաւ դիմակ կրելը։
Կարգ մը երկիրներու մէջ դպրոցներու վերաբացումը եւս վարակումներու նոր ալիք մը կը սպառնայ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 1 Սեպտեմբերին հաղորդեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն արձանագրուած են 840 վարակումներ եւ 45 մահեր։
Գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են 242,521 վարակումներ եւ 5829 մահեր, իսկ հիւանդանեցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը իջած է 1057ի:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են 716,986 վարակումներ եւ 13,171 մահեր:
Թեքսասի եւ Ֆլորիտայի մէջ յաջորդաբար 647,688 եւ 633,442 վարակումներ արձանագրուած են:
Առաւել քան 6․2 միլիոն վարակակիրներով եւ 189,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.9 միլիոն, 3.8 միլիոն եւ 1 միլիոն վարակուածներ: Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 122,941 մահեր, Հնդկաստանի մէջ՝ 67,155, իսկ Մեքսիքայի մէջ՝ 65,241:
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 26 միլիոն է, իսկ մահերունը` 860,000: Ապաքինած են 18․2 միլիոն վարակուածներ: