ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ա․Էֆ․Փէ․»․- Կիպրոսի օրինական կառավարութիւնը 2 Սեպտեմբերին ողջունեց զէնքեր ծախելու արգելքը վերցնելու՝ Ուաշինկթընի որոշումը, զայն Նիկոսիոյ «վստահելի դաշնակից» մը ըլլալու իրողութեան հաստատում մը համարելով։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգները մէկ օր առաջ որոշեց մասնակիօրէն վերջ տալ Կիպրոսի դէմ երք տասնամեակրիներէ ի վեր գործադրուող զէնքի եւ զինամթերքի վաճառքի առգելքին։ Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հետ՝ շեշտելով յարաբերութիւններու խորացման կարեւորութիւնը։
Հիւսիսային Կիպրոսը բռնագրաւած Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս իրադարձութեան դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ կ՛ընդգծուի, որ Ամերիկայի որոշումը «կը թունաւորէ խաղաղութեան մթնոլորտը եւ ներհակ է դաշնակցային ոգիին»՝ պահանջելով, որ ամերիկեան կողմը վերատեսութեան ենթարկէ զայն։