ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Սեպտեմբերի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուեցան «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 44,953 պարագաներ, որոնց 40,592ը ապաքինած են:
Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:
Ներկայ դրութեամբ բուժման կը հետեւին 3182 վարակակիրներ: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 1864 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ` 241,041 քննութիւններ: Այսպիսով` կան «Քորոնա» ժահրի վարակման հաստատուած 108 նոր պարագաներ եւ 471 ապաքինածներ:
Ընդհանուր առմամբ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրէն մահածներու 903 (աւելցած է 3ով) պարագաներ: