ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի աւագանին 5րդ նստաշրջանի իր առաջին նիստին համաձայնութիւն տուաւ Երեւանի Զաքիյեան, Պէյրութի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի փողոցներով պարփակուած Մանկական զբօսայգիի` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի փողոցէն դէպի Զաքիյեան փողոց ձգուող ցանկապատին 22-23րդ յենապատերու միջնամասին մէջ 1 Մարտ 2008ին Երեւան քաղաքին մէջ պատահած իրադարձութիւններուն ընթացքին զոհուած անձերուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման:
Հարցը քննարկելու ատեն աւագանիի անդամները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Մարտ 1ի զոհերուն յիշատակը:
Յուշարձանի նախագծային աշխատանքներու իրականացման նպատակով, Հայաստանի կառավարութեան 7 Նոյեմբեր 2019ին տուած որոշումին համաձայն, Երեւան համայնքին յատկացուած է 2 միլիոն դրամ:
Յուշարձանի նախագիծի բաց մրցոյթին յաղթած նկատուեցաւ Ալբերտ Հրաչի Վարդանեանի հեղինակային նախագիծը: