ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց հանրային ծառայութիւններու մատուցման ոլորտին մէջ բարեփոխումներու 3 նախագիծերէ բաղկացած ծրար մը: Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան զայն որակեց յեղափոխական։
«Հաստատուած փաթեթով կ՛ապահովենք Արդարադատութեան նախարարութեան կողմից մատուցուող հանրային ծառայութիւնների թուայնացումը, կը պարզեցնենք վարչարարութիւնը, կը կրճատենք ժամկէտները, կը բարձրացնենք մատուցուող ծառայութիւնների որակն ու կը նուազեցնենք կոռուպցիոն ռիսկերը (զեղծարարութեան վտանգները-Խմբ.)», ըսաւ նախարարը։
Օրէնքներու ընդունման իբրեւ արդիւնք՝ ամուսնութեան գրանցման յաւելեալ դիւրութիւններ կը տրուին, դիմումներուն աւելի արագ ընդառաջում կը կատարուի, փաստաթուղթերուն մէջ անուններու փոփոխութեան հարցերուն աւելի արագ լուծում կը տրուի, կը սահմանուի քաղաքացիական կացութեան որոշուած օրէնքներու արձանագրութեան մարմիններու նոր համակարգ՝ front եւ back office ձեւաչափով: Այսինքն, դիմումները պիտի ընդունուին սպասարկման կեդրոններուն կողմէ, իսկ արձանագրութիւնները կը կատարուին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ՝ բացառելով դիմողին եւ որոշում տուողներուն միջեւ կապը:
«Կը սահմանուի էլեկտրոնային դիմումների ներկայացման կարգ, որի արդիւնքում ՔԿԱԳ ծառայութիւնների մատուցումը կ՛իրականացնենք նաեւ օնլայն (առցանց-Խմբ.) հարթակի միջոցով: Կ՛ընդլայնենք պետական ռեգիստրի (արձանագրութեան-Խմբ.) էլեկտրոնային ծառայութիւնները:
«Առեւտրային կազմակերպութիւնների գրանցման ժամկէտը կը կրճատուի ու կը սահմանուի 1 աշխատանքային օր, ինչի արդիւնքում Հայաստանը Doing Business զեկոյցի ցուցիչով 10րդ հորիզոնականից կարող է տեղափոխուել 2րդ հորիզոնական, իսկ եթէ օնլայն գրանցումները մեծամասնութիւն կազմեն` անգամ 1ին տեղ», յայտնեց Ռուստամ Բադասեան:
Բացի այդ, լիազօրուած անձի մը միջոցով կ՛ընձեռուի անհատ ձեռնարկատէր հաշուելու հնարաւորութիւն: Առաջին անգամ կարելիութիւն պիտի տրուի Հայաստանի տարածքէն դուրս հիւպատոսական հիմնարկներուն կողմէ ընդունիլ թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ թէ օտար քաղաքացիներուն դիմումները՝ Հայաստանի մէջ գործարարութիւն հիմնադրելու կամ հայկական ընկերութեան մասնաբաժին գնելու համար, ինչ որ կրնայ նպաստել ներդրումներու ներգրաւման գործընթացին։
Նախագիծերու փաթեթով կը բարձրանայ ընդամէնը քանի մը ծառայութիւններու պետական տուրքերու չափը՝ կուսակցութիւններու արձանագրութիւնը պիտի ըլլայ 50 հազար դրամ, իրաւաբանական անձի վերակազմակերպումը՝ 10 հազարէն 50 հազար դրամ, անուան փոփոխութեան համար տուրքը պիտի դառնայ 30 հազար դրամ, ՔԿԱԳ վկայականի կրկնօրինակի պետական տուրքը՝ 5 հազար դրամ եւ այլն: